2009-04-21 20:19:35

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԵՐԳԵՐ Ապրիլը` պատրաստեց ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ


ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԵՐԳԵՐ Ապրիլը` պատրաստեց ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ



Խաչուած է իմ հոգին։ Վաղո՜ւց

Քարանձաւներու մէջ չղջիկներ կը պարեն

Ամայութիւնը կոռնայ չորս դիս

Անո՞ւնը այս տխուր խաղին՝

Գա՜ղթ է ջա՜րդ Եղեռն սոսկալի։



Գետ ու լճակ արեան ծով են հիմա

Ձուկերը կարմիր են հագած լո՜ւրթ

Արիւն կը ծծէ հողը ծարաւէն,

Երկինքը կայրի կը շիկնի ամօթէն

Գարուն է անունն այս եղանակին։ Ապրի՜լ։



Ծառերը ցամքեր են։ Անտէ՜ր են

Անձրեւը դարձած է մեղքի կարկուտ արցո՜ւնք

Պարտիզպանը կախուած է իր սիրած ծառէն

Չարիք է անունը այս բեմադրութեան

Չարագո՞րծն։ Ան կը ժպտի՜ անփոյթ։



Շուրջս մեռելներ են։ Ո՜ղջ ու կը պարե՜ն

Գերեզմանո՜ց է աշխարհն այս համայն

Մարդիկ անտարբեր, գինո՜վ են ցասումէն,

Զայրոյթը կը զարթնի թմբիրէն, զգո՜յշ

Խուլ աշխարհը կը մռնչէ խելագարօրէն։



Մայրեր կու լան լուռ եւ անարցունք

Սերունդներ կը վառեն յոյսի մոմեր

Հոգեհանգիստ է պէտք ապրողներուն համար

Իսկ խունկ ու ծուխէն կը հոտի վրէ՜ժ

Ու դարը կու լայ իր մեղքն ու մեղան։



Շրթունքներուս վրան երգ է եւ աղօ՜թք

Ու աղօթքէս կը վառի կամքս, հրդե՜հ

Ոտքերս տատամսոտ կը կառչին հողին

Սիրտս կուզէ գոռալ խուլ աշխարհին

Ես, ես կը մերժեմ մահը վճռած եմ ապրիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.